ԿարևորՀասարակություն

Տպարանը վերականգնելու երազանքով. զրոյց Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ

Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ

Մեր պաշտօնական լեզուն արեւմտահայերէնն է, կ՛ըսէ Մխիթարեան միաբանութեան վարդապետներէն Հայր Համազասպ Քէշիշեան։ Անոր հետ զրուցեցինք Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ։

«Արեւմտահայերէնի մարտահրաւէրը այսօր իւրաքանչիւր հայու, հաստատութեան կամ միութեան մարտահրաւէրն է, եւս առաւել  Մխիթարեան միաբանութեան։ Այսօր հիմնական կը գործէ դպրոցներուն մէջ, հայ գաղութներու դպրոցներէն ներս կը ջանանք պահպանել եւ փոխանցել արեւմտահայերէնը ինչպէս նաեւ մեր հրատարակութիւններուն միջոցաւ` թէ հոգեւոր, թէ գրական, թէ բարոյախօսական պատգամներ հասցնելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն»։

Այսօր դժբախտաբար  համաշխարահայնացումը կ՛ազդէ մեր ժողովուրդի վրայ , պէտք է զինուինք եւ տալ այն կենսական կենսանիւթը որ կրնանք պահել մեր ազգը, մեր հաւատքը մեր լեզուն եւ մեր մշակույթը, ըսաւ հայր Համազասպ Քէշիշեան։

«Մեր երազն է․ վերականգնել մեր տպարանը, ունենալ սուրբ Ղազար եւ  չունենալ տպարան՝  չի կրնար ըլլալ»,- խօսքը եզրափակեց քեսապցի վարդապետը  սուրբ Ղազար կղզիին մէջ։ Ճշմարիտ էր ըսուած Յ․ Շիրազի տողերը․․

Օտար ջրերում

Հայացեալ կղզի, հայոց հին լոյսն է քեզնով նորանում․․․

Գիտեմ տքնում ես, այս է դարէց-դար,

Հայրենիքից դուրս՝

Հայրենեաց համար։

Սուրբ Ղազար կղզին՝ 1717- ին Վենետիկի իշխող խորհուրդին կողմէ տրուած է խումբ մը հայ վարդապետներու։ Մխիթար Սեբաստացի եւ անոր տասնեօթ վարդապետները կառուցած են վանքը, վերկանգնած հին եկեղեցին եւ ընդլայնած կղզին՝ իր ներկայ 30,000 քմ շուրջ չորս անգամ աւելի իր նախնական տարածքէն։ Տպագրատունը փակուած է 1991-ին, իսկ սուրբ Ղազարի գրապահոցներուն մէջ կան 150,000 գիրք, ինչպէս նաեւ 4,000  աւելի հայկական ձեռագիրներ։ Կղզիին մէջ հիւրընկալուած է Լորտ Պայրընը, որ 1816 -ին հայերէն կ՛ուսումնասիրէր։

Կարդացեք նաև

Back to top button