ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 14 Մարտ. 2024

Եւրոպական խորհրդարանը 13 Մարտի լիագումար իր նիստին վաւերացուց Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան կապերը աւելի սերտացնելու եւ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածութեան նեցուկ կանգնելու բանաձեւը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ ժամանակն է Հայաստանի հետ սկսելու վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան: Բանաձեւին մէջ նշում կայ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութեան: Վարչապետը արտայայտեց Հայաստանի կառավարութեան կամքը՝ աշխատանքները շարունակելու Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններու յետագայ խորացման եւ զարգացման ուղղութեամբ։

Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջին ալիք Ամերիկա» բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Հեռարձակումը պիտի սկսի 1 Ապրիլ 2024 ին։

Կարդացեք նաև

Back to top button