Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցելութիւնը Ֆրանսա կը շարունակուի Փետրուար 22-ին: Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ կ՛ունենայ Ֆրանսայի վարչապետ Գաբրիէլ Աթալի, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ։ Ֆրանսան պիտի շարունակէ զարգացնել պաշտպանութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը․ ըսաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն։ Վարչապետը շեշտեց՝ Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Ֆրանսայի հետ նոր յարաբերութիւններու հաստատումը էական է տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան համար։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահի հանդիպման, համատեղ մամլոյ ասուլիսին Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարություններուն՝ զանոնք որակելով «անհիմն»:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հայերէնով X-ի մէջ գրած է․«Այսօր, երբ Ֆրանսան կը մեծարէ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշյանները, երբ երախտապարտ է հայերուն իրենց աւանդին համար՝ ի նպաստ ֆրանսական ազգին, դիմադրութեան ոգիին, յանուն ազատութեան պայքարին, Ձեր ներկայութիւնը կարեւոր է մեզի համար։ Անգամ մը եւս կը վերահաստատեմ Ֆրանսայի աջակցութիւնը ձեզի»: