
Ատրպէյճանի կառավարութեան ռազմավարութիւնը ուղղուած է մեր տարածաշրջանին մէջ թշնամանքի խորացման, որը շատ անհանգստացնող փաստ է։ Ըսած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի Համայնքներու պալատի անդամ Ճօն Ուիթինկտէյլի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման: Ամերիկան հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացին, յայտարարած է Ամերիկայի Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլըր: Եւրամիութիւնը իր յանձնառութիւնը յայտեց Հայաստանի կողքին ըլլալու տարբեր ուղղութիւններով. Հայաստանն ու Եւրամիութիւնը համատեղ յայտարարութիւն տարածեցին։




