
13 Փետրուար, ժամը 05:30-էն սկսեալ, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը հրաձգային զէնքերով կրակած են Ներքին Հանդի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Ներքին Հանդի ուղղութեամբ ատրպէյճանի զինուժի կրակոցներուն պատճառով հայկական կողմը, ունի 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգային ու պաշտպանական հարցերով կոմիտէի նախագահ Նաթալի Լուազոյի հետ: Քննարկուած են Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային հարցեր։
Ամերիիկան հաւատացած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերություններու կարգաւորման հասնելու լաւագոյն միջոցը երկխօսութիւնն է։ Յայտնած է Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր։





