
Թուրքիան շատ աւելի կառուցողական դեր կարող է խաղալ հայ-ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգարւոման գործընթացին: Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով ըսաւ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան:
Գերմանիոյ դատախազութիւնը մեղադրանքներ առաջադրեց խորհրդարանի երկու նախկին պատգամաւորներուն դէմ, որոնք Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Պաքուի օգտին քուէարկելու դիմաց Ատրպէյճանէն կաշառք ստանալու համար կը կասկածուին։
Ամերիկայի վարչակազմը խոստովանած է, որ յստակ տեղեկութիւն չունի, թէ Իրանը ուղղորդած է Յորդանանի հիւսիսը Ամերիկեան ռազմակայանին վրայ յարձակումը, որուն պատճառով 3 ամերիկացի զինծառայող զոհուեցաւ։ Յայտարարեց Սպիտակ տան ներկայացուցիչներէն Ճօն Քիրպին։
Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւնները արձանագրուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի յիշողության միջազգային տարեցոյցին մէջ։





