Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 26 Յունուար. 2024

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով Վրաստան կը մեկնի, Թիֆլիսի մէջ այսօր կը կայանայ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յայտնէ ականապատ դաշտերու քարտէսներու ութ նոր տեղեկամատեաններ ի յայտ գալու եւ ատոնք յառաջիկայ օրերուն աշխատանքային խողովակով ատրպէյճանի կողմին փոխանցելու մասին։
Ատրպէյճանի լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ Պաքուի դատարանը 4 ամիսով երկարաձգած է Արցախի նախկին ղեկավարներուն բանտարկութեան ժամկէտը:
Այս տարի 27 Յունուարին կը նշուի Սուրբ Սարգիսի յիշատակութեան օրը։ Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորոյթներով։

Կարդացեք նաև

Back to top button