
Այսօր՝ տարեվերջի նիստին Կառավարութիւնը հաւանությին տուաւ Հայաստանի մէջ կենսաչափական անձնագրերու եւ նոյնականացման քարտերու տրամադրման նախագծին: Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիանի հետ: Քննարկուած են երկկողմ տնտեսական եւ անվտանգային յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։ Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով, տարբեր բնագաւառներէն ներս ներդրած աւանդի եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար, խումբ մը անձեր պարգեւատրուեցան պետական բարձր պարգեւներով:




