Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 12 Դեկտեմբեր. 2023

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ 12 Դեկտեմբերին, պաշտօնական այցով Կիպրոս մեկնած է: Եւրամիութեան երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները որոշած են Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւններու թիւը աւելցնել 138-էն հասցնելով 209-ի։

Հռոմի Պապը առաջարկած է 25 Դեկտեմբերին Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան ժամանակ զինադադար հաստատել Ուքրանիոյ յատուկ գործողութեան գօտիին եւ Ռուսաստանի նոր շրջաններուն մէջ։

Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ (ՔՈԱՖ, COAF) «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի տարեկան 20րդ դրամահաւաքի ձեռնակը, որուն ընթացքին կարելի եղած է հանգանակել 10 միլիոն տոլար, որը պիտի յատկացուի Հայաստանի գիւղական շրջաններու ծրագիրներուն եւ կազմակերպութեան կողմէ HOPE նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է՝ օժանդակել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայրենակիցներուն։

Կարդացեք նաև

Back to top button