Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 11 Դեկտեմբեր. 2023

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Պրիւքսէլի մէջ կը մասնակցի Եւրամիութեան Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին։ Պաշտօնական Փարիզը ողջունեց հայ-ատրպէյճան համատեղ յայտարարութիւնը, ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։ Արժանթինի մէջ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպեցաւ Արժանթինի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանրապետութեան նախագահը մասնակիցներուն ներկայացուց Հայաստանի շուրջ ընթացող զարգացումները։

Կարդացեք նաև

Back to top button