ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 20 Նոյեմբեր. 2023

Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթի այսօր Հայաստան կը ժամանէ։ «Հարաւային Կովկասը բախում ունի ապահովութեան զգալի մարտահրաւէրներու՝ ինչպէս ներսը, այնպէս ալ իր հարեւաններուն կողմէ, որոնք կը սպառնան տարածաշրջանը ապակայունացնելու», ըսած է Տոքերթի Երեւան գալէն առաջ։

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի խօսքով՝ Հարաւային Կովկասի մէջ ուղիներու ապաշրջափակման որեւէ ճամբայ, որեւէ երկաթգիծ, որը կ՛անցնի Հայաստանի տարածքով, պէտք է վերահսկուի Հայաստանի կողմէն։

Թուրքիոյ դատախազութիւնը նոր մեղադրանք առաջադրած է պոլսահայ մտաւորական, լրագրող, «Ակoս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանտ Տինքի սպաննութեան համար դատապարտուած Օկիւն Սամասթին, որը օրեր առաջ վաղաժամկէտ ազատ արձակուեցաւ։

Կարդացեք նաև

Back to top button