
Եւրոպայի խորհուրդը Հոկտեմբեր 11-13 փախստականներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչի այցելութենէն յետոյ նախապատրաստած է դէպի Հայաստան փախստականներու ներհոսքին արձագանգելու միջոցներու ընդհանուր փաթեթ մը, կը տեղեկանանք խորհուրդի պաշտօնական կայքէն:
Հայաստանի քննչական կոմիտէն հրապարակեց 19 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանի լայնածաւալ ռազմական յարձակումին հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան, ներառեալ՝ երեխաներու սպաննութեան: 14 անձ կտտանքներու ենթարկուած է, 64-ը` մահացած՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղափոխուելու ատեն։ Գրած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Անի Պատալեան X-ի մէջ։
Իսրայէլ չէ համաձայնած ՀԱՄԱՍ-ի հետ հրադադարի հաստատման։ Յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն՝ շեշտելով, որ կրակը դադրեցնելու կոչերը կը նշանակեն, որ Իսրայէլ կը զիջի ՀԱՄԱՍ-ին ։ Կը հաղորդէ Ռիա Նովոսթին։




