ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 18 Հոկտեմբեր. 2023

Եւրոպական խորհրդարանը կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի ժողովուրդին այս ծանր ժամանակներուն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն յետոյ արձանագրած է օրէնսդիր մարմնի ղեկավար Ռոպերթա Մեցոլան: Ան յիշեցուց, որ նախորդ լիագումար նիստին կառոյցը բանաձեւ ընդունեց՝ դատապարտելով Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակումը:

Սպանիոյ Սենատի եօթ խմբակցութիւններ յայտարարութիւն ընդունած են Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կատարուած յարձակումին վերաբերեալ, որուն հետեւանքով հազարաւոր հայեր բռնի տեղահան եղան։

Մեծանուն երաժիշտ Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին առիթով 26 եւ 27 Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ «Դիմակահանդէս» պալէն պիտի ներկայացնէ Հայաստանի օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնը ։ Համերգի հասոյթը պիտի ուղղուի՝ ի նպաստ Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու աջակցութեան ։

Կարդացեք նաև

Back to top button