
16 Հոկտեմբերին Հայաստանի կառավարութեան կողմէն կազմակերպուած է Թէլ Աւիվ-Երեւան յատուկ օդանաւ մը՝ անվտանգութեան ապահովման նկատառումներէն ելլելով մեր քաղաքացիները Հայաստան տեղափոխելու նպատակով։
Հայաստանի կառավարութիւնը Տեղահան եղած մեր հայրենակիցներուն առողջութեան պահպանման համար ծրագիրներ մշակած է : Անոնց բոլորին համար առողջապահական ծառայութիւնները անվճար են:
Իրան ռազմական հակամարտութեան մէջ չի մտներ Իսրայէլի հետ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լարուածութեան պատճառով, եթէ հրեական պետութիւնը չյարձակի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վրայ։ Այդ մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցչութիւնը։
Այս օրուան պէս՝ 16 Հոկտեմբեր1794 թուականին, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, տպագրուեցաւ առաջին հայկական ամսագիրը՝ «Ազդարարը», Յարութիւն Շմաւոնեանի կողմէն ։




