Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 12 Հոկտեմբեր. 2023

Հայաստանի կառավարութեան կողմէն Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն տրամադրուած 100-հազարական դրամի աջակցութիւնը 52 600 անձ արդէն իսկ ստացած է, վաղը՝ 13 Հոկտեմբերին եւս 13 500 անձ պիտի ստանայ: Այդ մասին գործադիրի՝ այսօրուան նիստին ըսաւ փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեան: Աջակցութիւնը կը տրամադրուի երեխաներուն նոյնպէս, որուն համար պէտք է դիմեն ծնողները:

Վլատիմիր Փութին 12 Հոկտեմբերին Ղրղզիստանի մէջ կը հանդիպի Իլհամ Ալիեւին հետ՝ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը եւ ռուս խաղաղապահներու թեման։ Կը փոխանցէ ԹԱՍՍ: Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն այսօր Իսրայէլ կը ժամանէ , որպէսզի ցույց տայ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը։

Ան նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասին հետ։ Կը հաղորդէ BBC-ն։ Ամերիկան բանակցութիւններ կը վարէ Իսրայէլի, ՄԱԿ-ի եւ Եգիպտոսի հետ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ բնակչութեան համար ապահովել Կազայի հատուածէն դուրս գալու միջանցքներ։

Կարդացեք նաև

Back to top button