
Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կատարուած յարձակումին պատճառով 24 Սեպտեմբերին եւ ատկէ յետոյ բռնի տեղահանուած բոլորորին Հայաստանի կառավարութեան որոշումով պիտի տրուի 100 հազար դրամ միանուագ աջակցութիւն, առաջին կարիքները ապահովելու համար։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան Հայաստան կը ժամանէ : X-ի մէջ Քոլոննան գրած է. «Վերադարձ Քիեւէն, ուղղութիւնը` Հայաստան»: Քոլոննան յայտարարած էր, որ Ֆրանսան ռազմական կցորդ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ հիւպատոսարան պիտի բացուի Սիւնիքի մէջ: Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան քննադատեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութեան աշխատանքները՝ շեշտելով, որ առաքելութիւնը օրինականացուց Ատրպէյճանի կողմէն կատարուած զանազան յանցագործութիւնները, այդ մասին Մարուքեան գրած է X -ի մէջ։




