Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 27 Սեպտեմբեր. 2023

27 Սեպտեմբերի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 42․500 անձ հատած է Հայաստանի սահմանը, որմէ 22․800-ը արդէն իսկ հաշուառուած: Այդ մասին յայտնեց վարչապետի մամուլի խօսնակը։
Լեռնային Ղարաբաղէն Ատրպէյճանի յարձակումին պատճառով զոհուածներու 125 աճիւն Հայաստան տեղափոխուած է, երէկ ասուլիսի ժամանակ յայտնեց Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան։
Սեպտեմբեր19-ի պայթումին պատճառով տուժող անձերը կը շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տեղափոխուիլ , կը յայտնեն Առողջապահութեան նախարարութենէն: ժամը 11:00-ի դրութեամբ, ցամաքային եւ օդային ճամբով հանրապետութեան բժշկական հաստատութիւններ տեղափոխուած է 237 անձ։
Լեռնային Ղարաբաղի դէմ վերջին յարձակումին զոհուած է 192, եւ վիրաւորուած՝ 511 ադրբեջանական զինծառայող։
2020 թուականի 27 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:10-ին, Արցախէն առինք առաջին լուրերը, թէ Ատրպէյճանը սկսած է օդային եւ հրթիռային յարձակումներ։ Այսօր 3-րդ տարելիցն է։

Կարդացեք նաև
Close
Back to top button