

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 13 Սեպտեմբեր՝ ժամը 3:40-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են Գեղարքունիք մարզի Վերին Շորժա հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։
Եւրամիութիւնը վերահաստատեց իր խորին համոզմունքը, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է վերաբացուի ՝ կնքուած համաձայնագիրներու եւ Միջազգային քրէական դատարանի որոշումին համապատասխան , ըսուած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահի մամլոյ խօսնակի յայտարարութեան մէջ։
Հոկտեմբերի 1-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ միւռոնօրհնէք է: Մինչեւ 1 Հոկտեմբեր ամէն օր երեկոյաեն ժամերգութեան աւարտին ձիթաիւղի օրհնութեան յատուկ կարգ կը կատարուի Մայր աթոռի սուրբ Էջմիածինի մէջ:

