

Ռուսաստանի կողմէն Արցախ ուղարկուած մարդասիրական օգնութեամբ մեքենան Ակնա- Ասկերան ճամբով հասած է Ստեփանակերտ։ Օգնութիւնը կը պարունակէ ռուսական արտադրութեան կենսական ապրանքներ, Արցախ ուղարկուած է ռուսական Կարմիր խաչի միջոցով:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ 12 Սեպտեմբերի առաւօտեան` Հայաստանի Զինուած ուժերը, իբր կրակած են սահմանի հարաւ-արեւմտեան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան, կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Գերմանիան Կարմիր խաչ միջազգային կոմիտէին լրացուցիչ 2 մլն․ եուրօ կը յատկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին հետ կապուած։ Այդ մասին ըսուած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութեան X-ի էջին տեղադրուած յայտարարութեան մէջ

