

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ 5 Սեպտեմբերի կէս գիշերն անց՝ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը հրաձգային զէնքերով կրակած են Գեղարքունիք մարզի, Կութի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։
Թուրքիան յառաջիկայ օրերուն ՄԱԿ-ին պիտի տեղեկացնէ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ Սոչիի մէջ կայացած բանակցութիւններու արդիւնքներու մասին, կը յայտնէ ԹԱՍՍ։
Հայաստանը՝ զբօսաշրջային ներդրումներու խաչմերուկին․ Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ համաշխարհային հանդիպում-ժողով։

