

1 Սեպտեմբերի առաւօտեան 7:50-էն սկսեալ Ատրպէյճանը սաստիկ տարողութեամբ կրակ բացած է Սոթքի հատուածին՝ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն նշելով, որ Ատրպէյճանը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէն զատ, կիրառած է նաեւ ականանետ: Հայկական կողմը ունի 2 զոհ, 1 վիրաւոր:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը այսօր հրաժարականի դիմում կը ներկայացնէ: Արայիկ Յարութիւնեան նշած է, որ աշխարհաքաղաքական անկայուն վիճակը, արցախեան ներքաղաքական մթնոլորտը կը յուշեն, որ անհրաժեշտ է հիմնական դերակատարներու փոփոխութիւն:
1 Սեպտեմբերը՝ նոր ուսումնական տարուան առաջին օրը, Հայաստանի մէջ կը նշուի Գիտելիքի եւ դպրութեան օր։

