

Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 35 զինուորներ թունաւորելու մասին շրջանառուող տեղեկութիւնը ապատեղեկութիւն է: Զինուած ուժերու զօրամաասին մէջ որեւէ աղիքային վարակի, սննդային թունաւորման դէպք չէ արձանագրուած։ Բոլոր զօրամասերուն մէջ համաճարակային իրավիճակը կայուն է եւ վերահսկելի:
Մեկ օրուան մէջ երեք հայ երիտասարդներ առեւանգելու դէպքը Լաչինի ատրպէյճանական ապօրինի անցակէտին եղած է: Երեքն ալ ուսանողներ՝ Երեւան կու գային` ուսումը շարունակելու: Երիտասարդները Հայաստան ուղեւորուած են ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ: Այսօր Երեւանի մէջ մարդիկ հաւաքուած են Ռուսաստանի դեսպանատան դիմաց՝ երիտասարդները վերադարձնելու պահանջով:
Ամերիկայի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար Ռոպերթ Մենենտեզ անդրադարձած է Լաչինի անցակէտին երեք հայ ֆութպոլիստներու ձերբակալութեան՝ անընդունելի համարելով Ատրպէյճանի վերաբերմունքը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ:
Լիխթընշթէյնի արքայազն Մայքլ պատրաստակամութիւն յայտնած է օդանաւով մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխելու Լեռնային Ղարաբաղ:

