ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 28 Օգոստոս. 2023

Հայաստանի քննչական կոմիտէն մանրամասներ յայտնեց մարտական դիրքին Հայաստանի զինուած ուժերու երկու զինծառայողներու մահուան դէպքի վերաբերեալ։ Զինծառայողը կրակած է ծառայակիցին ուղղութեամբ, ապա ինքնասպան եղած։ Մարտական դիրքին երկու զինծառայողներու մահուան դէպքին առիթով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

27 Օգոստոսին՝ ժամը 19:20-էն 19:30, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են Վերին Շորժա հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, հաղորդագրութիւնը տարածեց Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Իսրայէլի ռազմական օդային ուժերը հրթիռակոծած են Հալէպի միջազգային օդակայանը։ Օդակայանի աշխատանքը խափանուած է , այսօրուան Հալէպ-Երեւան թռիչքի ուղեւորները մնացին Հալէպ ։ Վնասուած է թռիչքուղին, կան նիւթական վնասներ։ Ինչպէս նշած է Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, յարձակումը տեղի ունեցած է Միջերկրական ծովէն։ Կը փոխանցէ SANA գործակալութիւնը։

Back to top button