Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 18 Օգոստոս. 2023

Գիշերը ժամը 4։24-ին Ատրպէյճանի կողմէն, դեռ չպարզուած մեքենայով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագիծ՝ Սիւնիք մարզի, Կապանի օդակայանին յարակից տարածք եկած անյայտ անձը՝ Ատրպէյճանի տարածքէն երեք կրակոց արձակած է Կապանի «Սիւնիք» օդակայանի ուղղութեամբ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ, Սիւնիքի մարզ այցելեց Երեւան-Կապան օդանաւով : Վարչապետ Փաշինեան ծանօթացած է «Սիւնիք» օդակայանի պայմաններուն:

Այսօր առաւօտեան ալ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ժամը 9:20-ին Մարտունի շրջանին մէջ հրադադարը խախտած են կրակելով Միւրիշէն համայնքի դաշտերուն մէջ աշխատող քարշակին ուղղութեամբ։ Կը տեղեկացնէ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Back to top button