Արեւմտահայերէն լուրեր 17 Օգոստոս. 2023


Ճշմարտութիւնը Լաչինի միջանցքի փակման եւ այդ պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամի վերաբերեալ բարձրաձայնուած է: Կառավարութեան՝ 17 Օգոստոսի նիստին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադառնալով ՄԱԿ Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ քննարկման: «Միջազգային հանրութեան կողմէ հաւաքական կոչ հնչեց Ատրպէյճանին՝ վերացնելու Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակումը: Ի հարկէ, այս կոչը այս պահու դրութեամբ իրագործուած չէ»,- ըսաւ Վարչապետը։ ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած աղէտալի իրավիճակը եւ Հայասատանի ակնկալիքները: Միրզոյեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Անվտանգութեան խորհրդին այս արտահերթ նիստը գումարելու համար՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը քննարկելու նպատակով, որը ստեղծուած է Լաչինի միջանցքի` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ ճամբան` 8-աիսներէ ի վեր փակ պահելուն պատճառով:

