Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 06 Յուլիս. 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 Յուլիսի կառավաութեան նիստին յայտարարեց, որ յառաջիկային Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ։ Ֆրանսայի դեմ ուղղուած քարոզչութիւնը այլ երկիրներու կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամին՝ հասցէական գնահատականները կանխելն է։

Հայաստան իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանսային, պէտք է բոլոր միջոցները ձեռնարկէ, որ աւելի ու աւելի շատ երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ հասցէական գնահատականներով հանդէս գան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերեալ»,- ըսաւ Փաշինեան։

Ճափոնի երեք քաղաքներուն մէջ Թումօ կեդրոններ պիտի հիմնուին, դիմատետրի էջին յայտնեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան` ներկայացնելով 2022 Սեպտեմբերին Ճափոն կատարած աշխատանքային այցելութեան ՝ ձեռք բերուած համաձայնութեան արդիւնքը։

Կարդացեք նաև

Back to top button