Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 04 Յուլիս. 2023

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին՝ Անկախութեան օրուան առիթով: Մեր երկրի ղեկավարը բարձր կը գնատէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան աջակցութեան հարցով Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը նաեւ Ամերիկայի ջանքերը Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հասցէագրման ուղղութեամբ։

Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամը յայտարարութիւն տարածեց՝ «Այս պահուն իրավիճակը կառավարելի է՝ ժամանակին պահեստաւորուած ալիւրի ու յառաջիկային հնձուելիք ցորենի պաշարներուն շնորհիւ»:

Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատման 2023 թ. Ծրագիրը սկիզբ առաւ Յուլիս 3-ին, նախարար Ժաննա Անդրէասեան անդրադարձաւ «ՀՀ կրթութեան զարգացման՝ մինչեւ 2030 թուականի պետական ծրագիրին»՝ ընդգծելով սփիւռքի մէջ հայեցի կրթութեան կազմակերպման խնդիրը։ 2023 թ. վերապատրաստման ծրագիրին կը մասնակցի 60 ուսուցիչ:

Կարդացեք նաև

Back to top button