
15 Յունիսին՝ ժամը 08:40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան խումբ մը զինծառայողներ Հակարի կամուրջի ուղղութեամբ փորձած են յառաջանալ եւ դրօշակ տեղադրել Հայաստանի տարածքին մէջ: Հայկական կողմի ձեռնարկած միջոցներուն արդիւնքով ատրպէյճանցիները չեն յաջողած:
Այսօր ժամը 11:45-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են Տեղ հատուածին՝ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, կիրառելով նաեւ ականանետ, կը յայտնէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Ատրպէյճանցիները աւերած են Հալիվորի կամուրջը։ «Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկում» կայքը հրապարակած է տիեզերական լուսանկարներ։ Հալիվորի կամ Հալեւորի կամուրջը կը գտնուի Հադրութ շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղէն 2 քմ․ հարաւ-արեւմուտք` Իշխանագետի վրայ:
Համահայկական մարզական ամառնային 8-րդ խաղերու բացումը 5 Oգոստոսին, տեղի պիտի ունենայ Կիւմրիի մէջ: Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի Գործադիրի նիստին յայտնեց Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան:





