Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 12 Յունիս. 2023

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 Յունիսին պիտի մասնակցի 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն։
Այս տարուան առաջին հինգ ամիսներու տուեալներով Հայաստան այցելած է մպտաւորապէս 800 հազար զբօսաշրջիկ, այս մասին գրած է Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան։«Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի մէջ հիմա բաւական լաւ կը զարգանայ, եւ առաջին հինգ ամիսներու տուեալներով՝ մենք ունինք մօտավորապես 806 հազար զբօսաշրջիկ, բայց պէտք ըսեմ , որ ներքին զբօսաշրջութիւնը եւս շատ կարեւոր է»,-գրած է Քերոբեան:
Հայաստանի մարմնամարզութեան առաջատար Արթուր Դաւթեան հերթական ոսկի մետալը նուաճեց: Քրուաթիոյ մէջ կայացած մարմնամարզութեան World Challenge Cup մրցումներուն յենացատկի մէջ մեր մարզիկը գրաւեց առաջին տեղը:

Կարդացեք նաև

Back to top button