
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Իսլանտայի մայրաքաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի 4-րդ գագաթնաժողովի բացման արարողութեան: Վարչապետը մասնակցեցաւ ժողովրդավարութեան թեմայով կլոր-սեղանի քննարկման: 17 մայիսին Գագաթնաժողովի աշխատանքները կը շարունակուին:
Վերջին անգամ Սուրիան Արաբական պետութիւններու միութեան գագաթնաժողովին մասնակցած է 2010 թուականին: Արաբական Գագաթնաժողովը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 19 Մայիսին` Սէուտեան Արաբիոյ մէջ , պիտի մասնակցի նաեւ Սուրիոյ նախագահը:
Եւրամիութիւնը ափսոսանք յայտնած է, որ Վրաստան վերականգնեց Ռուսաստանի հետ օդային հաղորդակցութիւնը: Այդ մասին խօսած է Եւրամիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզէփ Պորէլի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթանօն։





