Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 15 Մայիս. 2023

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է թէ քննարկումները շարունակելու են 1 Յունիսին Քիշնեւի մէջ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին եւ Յուլիսին՝ դարձեալ Պրիւքսէլի մէջ ։ Թուրքիոյ գործող նախագահ Էրտողան 14 Մայիսի նախագահական ընտրութիւններուն չի կրցաւ յաղթահարել ընտրական 50 տոկոսի շեմը։ Ամենայն հաւանականութեամբ, 28 Մայսիին տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանը։ Չինաստանի ԱԳՆ յատուկ ներկայացուցիչ Լի Հուէյ 15 Մայիսին սկսած է այցը Ռուսաստան, Ուքրանիա եւ Եւրոպա՝ քննարկելու Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորումը: Կը տեղեկանէ «Интерфакс» գործակալութիւնը:

Կարդացեք նաև

Back to top button