Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 11 Մայիս. 2023

Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ժամը 10:25-ի դրութեամբ Սոթքի ուղղութեամբ լարուածութեան նուազումը պահպանուած է: «Նոյն ժամու դրութեամբ սահմանագօտիի միւս հատուածներուն վրայ յարաբերականօրէն կայուն է: Հրետակոծութիւնը որոշակի պակսած է Հայաստանի բանակին արդիւնաւէտ պատասխան գործողութիւններուն արդիւնքով․ ըսաւ վարչապետ Փաշինեան 11 Մայիսի ՝ Հայաստանի կառավարութեան նիստի սկիզբը։

«Այսօր՝ ժամը 6։00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրետանային զենքերէն կրակած են Սոթք բնակավայրին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ հարուածներ հասցնելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին։ Մեր կողմէն կայ 4 վիրաւոր»,- ըսաւ վարչապետը։ Վիրաւոր զինծառայողներու կեանքին վտանգ չսպառնար: Կը յայտնէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է մէկ ծանր վիրաւորի մասին։

Կարդացեք նաև

Back to top button