
Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները վարժարանը աւարտելէն առաջ՝ Հայաստան եկան, ամերիկածին տղաքն ու աղջիկները հայերէն կը խօսէին։ Իրենց հետ էին երկու ուսուցչուհիները՝ տիկին Հերան եւ տիկին Թագուհին ։
«Մեր Յովնանեան վարժարանը սովորութիւն ունի ամէն տարի շրջանաւարտ դասարանը Հայաստան բերելու, որպէսզի ամփոփեն իրենց հայկական կրթութիւնը, հայրենիքին հայ մշակոյթին հետ կապուին։ Անհամբեր կը սպասէինք այս առիթին , բաւական երկար ատենէ կը սպասէինք»,- ըսաւ տիկին Հերա Ադամեան։
Անոնք երեք տարի չկրցան գալ Հայաստան քովիտի պատճառով ։ Ապրիլ 22-ին ժամանեցին Հայաստան եւ մասնակից դարձան 24 Ապրիլին՝ Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալու եւ մատուցելու իրենց յարգանքի տուրքը Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն։
Ութերերոդ դասարանի աշակերտուհի Նաթալին ըսաւ. «Հայաստանը շատ գեղեցիկ է, Ծիծեռնակաբերդը շատ խորհրդաւոր է․․ շատ բախտաւոր եմ, որ կրցայ իմ դպրոցիս հետ գալ Հայաստան։ Գալ տարի արդէն պիտի բաժնուինք ու շատ կարեւոր է , որ ազգիս պատմութիւնը աւելին սորվիմ։ Ծնողքս տան մէջ միշտ կը թելադրեն, որ հայերէն խօսիմ»։
Իսկ Սեւակ, որ նոյնպէս աւարտական դասարանի աշակերտ է, շարունակեց խօսքը. «Ծիծեռնակաբերդը շատ, շատ տպաւորիչ էր, Հայաստանի տեսարանները շատ գեղեցիկ ու հաճելի են»։

Իսկ Թայիս անունով աղջնակը պատասխանեց ․ «Քանի մը օր եղած է միայն , որ այստեղ ենք։ Շատ ուրախ ենք եւ բախտաւոր մեր երկրին մէջ ըլլալնուս համար, շատ աւելի անդրադարձած եմ, քան երեք տարի առաջ երբ եկած էի»։
Յաջորդ աշակերտը Արէնն էր։ Ան ըսաւ թէ «անցեալ տարիներուն այցելած եմ, քանի որ մեծ հայրիկս ու մեծ մայրիկս այստեղ կը բնակին։ Այս շատ տպաւորիչ պտոյտ մը եղած է ինծի համար դասարանցիներուս հետ ․․ յատկապէս, երբ Ծիեռնակաբերդ այցելեցինք, շատ տպաւորիչ էր, կ՛ուզեմ, որ ամէն մարդ գայ Հայաստան »։
Երբ հարց տուի թէ ի՞նչը ամենաշատ սիրած էին , անոնք պատասխանեցին․ «Ամէն մարդ այստեղ հայերէն կը խօսի, կարեւոր է, որ հայ մշակոյթին մէջ ըլլանք եւ կարենանք խօսիլ ամէն օր հայերէն» ։
Տիկին Հերան արմատներով Այնճարէն , ան հայերէն լեզուի ուսուցչուհին է, որ թաց աչքերով եւ խեղդուած ձայնով մը շարունակեց. «Ամէնէն յուզիչ պահը , որ ծնողները մեծ վստահութեամբ մեզի յանձնեցին իրենց երեխաները հայրենիք բերելու ։ Ինքնավստահ էինք, որ շատ լաւ պիտի անցնենք։ Կը մաղթեմ, որ բոլոր հայ աշակերտներեը հայկական դպրոցներու մէջ , ասպէս առիթ ունենան հայրենիք այցելելու , իրենց ընկերներով այցելելը կեանքի յիշատակ մըն է, որ յաւիտեան իրենց հետ պիտի մնայ»։
Յովնանեան վարժարանի շրջանաւարտները գիտէին, որ այլեւս գալ տարի պիտի բաժնուին իրարմէ։ Քանի մը օրեր ետք պիտի բաժնուէին նաեւ իրենց հայրենիքէն , սակայն իւրաքնաչիւրը իր մտքին ու սրտին մէջ ունենալով կտոր մը հայրենիք` կը տանէր իր հետ , անպայման օր մը վերադառնալու յոյսով․․․։




