
Քըրուաթիոյ մայրաքաղաքին մէջ ընթացող ըմբշամարտի ազատ ոճի ըմբիշ Վազգէն Թեւանեանը հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան ։ 65 քկ․ քաշային կարգով հանդէս եկող Թեւանեանը յաղթեց պուլկարացի մրցակիցին եւ նուաճեց ոսկի մետալ։
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը հանդիպում ունեցաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին հետ։ Համահայկական խաղերը Յանձնակատարի գրասենեակի օրակարգային հարցերէն է, ըսած է Սինանեան եւ աւելցուցած, որ յառաջիկային այցելութիւններ ունի դէպի եւրոպական շարք մը երկիրներ, որոնց ընթացքին անպայման կ՛անդրադառնայ Համահայկական խաղերուն։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան եզտիական համայնքին՝ Մալաքէ Թաուսի տօնին առիթիվ: Հայաստանի եզտիական համայնքը իր աշխատանքով, քաղաքացիական նուիրուածութեամբ, արժանացած է Հայաստանի Հանրապետության բոլոր քաղաքացիներու եւ պետական համակարգի յարգանքին: Ըսուած է վարչապետի ուղերձին մէջ։





