ԿարևորՀասարակություն

Հայաստանը կը սկսի սահմաններէն․ Յարութիւն Սիմօնեան

Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ

Բացառիկ հարցազրոյցի մեր հիւրը՝ Հոլանտայէն ժամանած պրն․Յարութիւն Սիմօնեանն է, որը Հոլանտայի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ատենապետն է։ Ան ծնած է Եոզկաթ, Կեսարիոյ եւ Սեբաստիոյ մօտ,  ուսումը ստացած է Պոլսոյ մէջ։ Ան Նուիրեալ մըն է՝ ինչպէս ինք կը հաստատէ թէ «Ազգային գործիչները կը նմանին մոմի, կը լուսաւորեն իրենց շուրջը եւ իրենք կը հալին»։

«Սփիւռքի դերը չափազանց մեծ է , պէտք է վերանայինք մեր կառոյցները։ Սփիւռքի 80 տոկոսը հայ համայնքին հետ կապ չունի , այդ մարդիկը պէտք է ներքաշել ։ Սփիւռքը վերակազմակերպման կարիք ունի, քամին կուգայ  ու կը տանի, սուրիահայութիւնը տեսանք, մենք անմիջապէս երկրաշարժէն յետոյ Սուրիա օգնութիւն ուղարկեցինք»։ Ան աւելցուց, ուր որ հայ կ՛ապրի իբրեւ համահայկական պէտք է փութալ օգնելու։

Հոլանտայի մէջ ներկայիս կ՛ապրի 25- 30 հազար հայութիւն։ Հոլանտահայ գաղութը ե՛ւ նոր է, ե՛ւ հին։ Պրն․ Սիմօնեան պատմեց գաղութի կառուցուածքի մասին,  90-ականներէն յետոյ Հոլանտա հաստատուած են  շատ մը հայաստանցնիներ։  «Բարեբախտաբար անոնք կը հաւատան մեր աշխատանքին, «Զինուորի տան» ծրագիրին , որը  շատ կարեւոր ծրագիր է։ Երբոր պատերազմը եղաւ հայերը մեծ գումարներ հաւաքեցին»։

Մեր տարբերութիւններու, քաղաքական տեսակէտներու մասին,  աշխարհայեացքի մասին կրնանք տարբերուիլ , բայց մենք միշտ ունինք հասարակ  յայտարար մը , որ հայրենիքը մէկ է , պէտք է շարունակենք մեր գործունէութիւնը յանուն հայրենիքի զարգացման, ըսաւ Սիմօնեան։

«Սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ապրիլը հերոսութիւն է։ Պատերազմը մեզի համախմբեց, տասնեակ հազարներ գումարներ եղան, երախտապարտ եմ անոնց մեծ մասը հայաստանցիներ  են։ Մեզի համար պարտականութիւն կը մնայ անոնք համախմբել, մեր մարտահրաւէրը «Զինուորի տան» ծրագիրն է, դպրոցաշինութիւնը,  կանանց իրաւունքները , «Սմարթ Արմէնիան». այսպիսի ծրագիրներ ալ պիտի յաջորդեն»։

Հայաստանը կը սկսի սահմմաններէն։ Առաջին դուռը այնտեղ է ։ Սահմանմերձ գիւղերու զարգացման պէտք է միանանք։  Խօսքը եզրափակեց պրն․ Յարութիւն Սիմօնեան։

Կարդացեք նաև

Back to top button