
Արցախի իշխանութիւնները Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ առաքելութեան միջոցով եւ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ հանդիպման առաջարկ փոխանցած են ատրպէյճանական կողմին՝ մարդասիրական բնոյթի անյետաձգելի հարցեր քննարկելու համար։ Կը յայտնեն Արցախի տեղեկատուական շտապէն ։
Ամերիկայի Սենատի մեծամասնութեան առաջնորդ Շումերի հետ հանդիպման ժամանակ Համագումարի համանախագահ Վան Գրիգորեան քննարկած է Լաչինի միջանցքին շարունակուող արգելափակումը եւ այն ուղիները, որոնցմով Նահանգները կրնայ յստակ քայլեր ձեռնարկել ատոր վերջ տալու համար, ինչպէս նաև օգնութեան լուրջ փաթեթ տրամադրել Արցախին ու Հայաստանին:
Այսօր սկսող հերթական նիստի ընթացքին խորհրդարանը առաջինը կը քննարկէ մարդու իրաւունքներու նոր պաշտպանի ընտրութեան հարցը։ Թեկնածուն գլխաւոր դատախազի տեղակալ Անահիտ Մանասեանն է, 34 տարեկան Մանասեանը իրաւաբան է ։





