ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 06 Ապրիլ. 2023

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 Ապրիլին՝ կառավարութեան նիստի սկիզբը անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքը փակ ըլլալուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին: «Նախորդ օրուան միջադէպը կրկին արձանագրեց, որ միջազգային դատարանի վճիռը չի կատարուիր, եւ մենք պէտք է շարունակենք ասկէ բխող մեր միջազգային դիւանագիտական ջանքերը»,- ըսաւ Փաշինեան:

5 Ապրիլին, ատրպէյճանցիները դարձեալ խախտեցին զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ նշանառութեան տակ առնելով այս անգամ Ասկերան շրջանի Խնապատ համայնքի 48 տարեկան բնակիչ Ռոբերտ Բեգլարեանը։ Այս մասին հաղորդագրութեամբ՝ յայտնեց Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը:

Հինգշաբթի առաւօտեան եկեղեցիներուն մէջ Ս․ Պատարագ կը մատուցուի: Ոտնլուայի արարողութիւն կը կատարուի: Նոյն օրը երեկոյեան կը կատարուի Խաւարում, որը վերաբերի Աւագ Ուրբաթին՝ խորհրդանշելով Տիրոջ խաչելութիւնն ու թաղումը:

Կարդացեք նաև

Back to top button