
Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան առանցքային մարտահրաւէրը 2022 թուականի արդիւնքներով կը շարունակէ մնալ արտաքին անվտանգութեան ապահովումը։ Այս մասին 14 Մարտին հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 13 Մարտին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ժամը 19:00-19:30-ը, կրակած են Վերին Շորժայի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը վստահ է, որ 2023 թուականին COVID-19-ի համավարակը կը վերջանայ , եւ այս հիւանդութեան պատճառով յայտարարուած միջազգային արտակարգ իրավիճակը կը վերացուի։ Ան ըսաւ, որ 11 Մարտին ուղիղ երեք տարին լրացաւ, երբ առաջին անգամ յայտարարուեցաւ COVID-19-ի համավարակի մասին։





