Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 10 Մարտ. 2023

Մոսկուա կը շեշտէ Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթները, որոնց կարգին Լաչինի միջանցքի օգտագործման վերաբերեալ դրոյթները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Յայտարարեց Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, պատասխանելով Ատրպէյճանի՝ Արցախի հասցէին ուղղած նոր սպառնալիքներուն վերաբերեալ հարցումին՝ ան ըսաւ. «Որեւէ կողմի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը ոչ-արդիւնաւէտ է. անիկա չ՛օգներ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ տանելուն»։

Հոլանտայի Արտաքին գործոց նախարար Վոփքէ Հուքսթրա շեշտեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի բռնագրաւման փաստը՝ ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ վերադառնալու մինչեւ 12 Սեպտեմբեր 2022ի սահմանները: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը հրատապ հարց է, քանի որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը շատ փխրուն է: Այս յայտարարութիւնը ըրաւ Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նետ Փրայս: 10 Մարտին այսօր՝ Թուրքիոյ մէջ հերթական երկրաշարժը՝ 4,7 ուժգնութեամբ։ Ըստ աղբիւրին Կեսարիա քաղաքէն ութ քիլոմեթր դէպի հարաւ-արեւմուտք։

Կարդացեք նաև

Back to top button