
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Գերմանիա: Վարչապետը հանդիպում պիտի ունենայ Օլաֆ Շոլցի հետ: 3 Մարտին նախատեսուած է վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայըրի հետ:
Ատրպէյճան պէտք է յարգէ ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանի որոշումը։ Յայտարարեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան` ընդգծելով, որ անընդունելի է Լաչինի միջանցքի արգելափակումը:
Քոլոննայի խօսքով` Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնն է այդ , եւ օրէնքը պէտք է յարգուի: Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ իր նոր կեդրոնը գործարկեց Եղէգնաձորի մէջ։ Միութիւնը վերահաստատեց, որ քաղաքացիական առաքելութեան նպատակն է՝ «նպաստել սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան, կառուցել վստահութիւն եւ ապահովութիւն մարդոց համար, ինչպէս նաեւ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար միջավայրի ստեղծման»:




