Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 01 Մարտ. 2023

Արցախի ճամբան դեռ փակ է, թէպէտ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Ատրպէյճանին պարտաւորեցուց ապահովելու միջանցքով անխոչընդոտ երթեւեկութիւնը: ԱԳ Նախարար Արարատ Միրզոյեան Ժնեւի մէջ ՄԱԿ մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 52-րդ նիստին ընդգծեց, որ լիակատար անպատժելիութեան մթնոլորտի մէջ Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել մարդու իրաւունքներու միջազգային սկզբունքները:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ յարգանքի տուրք մատուցեց 1, Մարտ, 2008 թուականի զոհերու յիշատակին՝ ծաղկեպսակ դնելով 1 Մարտի զոհերու յուշահամալիրին քով։

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, Տուպայի մէջ միջազգային մրցոյթին որպէս պաշտօնական նուագախումբ ներկայացաւ։ «Inclassica» միջազգային երաժշտական փառատօնին՝ առանձին համերգով նշուեցաւ հայ մեծ երգահան-երաժիշտ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 120-ամեակը։

Կարդացեք նաև

Back to top button