Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 20 Փետրուար. 2023

35 տարի առաջ այս օրերուն սկսած էր Ղարաբաղեան շարժումը: 1988 թուականի Փետրուար 20-ին սկիզբ առած բողոքի ինքնաբուխ ու բազմամարդ ցոյցերը Հայոց պատմութեան մէջ կը մնան որպէս ազգային զարթօնքի, միասնութեան ու ազատագրական պայքարի խորհրդանիշ․ նշեց վարչապետ նիկոլ Փաշինեան Ղարաբաղեան շարժման 35 ամեակին առիթով ։
Արցախի նախագահն ալ Ղարաբաղեան շարժման 35-րդ տարեդարձին առիթով իր ուղերձին մէջ ըսաւ ․ «Աւելի քան երկու ամիս շրջափակման մեջ գտնուող Արցախի ժողովուրդը իր տոկունութեամբ ու հաստատակամութեամբ ապացուցեց, որ ինչպէս պատմական 88-ին, այնպէս ալ այսօր տէր է իր ընդունած որոշումին, տէր է իր ընտրած ուղիին եւ իր պապերու հողին, որը միշտ եղած է ու պէտք է ըլլայ հայկական: Մենք խորապես շնորհակալ ենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն Մայր Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, որոնք իրենց աջակցութեամբ անսպառ ուժ կը հաղորդեն մեզի» ։
Այսօր սկաւ Մեծ Պահքի շրջանը, որը կը տեւէ 48 օր` Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարության տօն: Պահքը չի սահմանափակուիր միայն կենդանական սնունդէն հրաժարելով այլ բարոյական ամէն տեսակի ախտերէն ու մոլութիւններէն, մեղանչական միտքերէն, խօսքերէն ու գործերէն մաքրուիլն է, զղջումով եւ ապաշխարութեամբ առաքինի կեանքին դառնալը:

Կարդացեք նաև

Back to top button