Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 10 Յունուար. 2023

Լաչինի միջանցքին տեղի ունեցածը, առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան՝ սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու կամքը կոտրելու նպատակ ունի։ Այս մասին 10 Յունուարին լրագրողներուն հետ հանդիպումին նշեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը պիտի ապահովէ Լաչինի միջանցքի բնականոն գործունէութիւնը. յստակ ձեւակերպուած է եռակողմ յայտարարութեան մէջ։ Ճիշտ է, Ատրպէյճան 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-էն յետոյ, ի հեճուկս պայմանաւորուածութիւններու, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսաստանցի խաղաղապահներու իրաւագիրը չէ ստորագրած , բայց փաստաթուղթին մէջ չկայ որեւէ նշում, որ այն ուժի մէջ կը մտնէ միայն 3 կողմերու ստորագրութենէն յետոյ»,- ըսաւ Փաշինեան։

Կարմիր խաչ միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է անյապաղ բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող երեք անձ: Տեղեկացուց Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչ միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին: 10 Յունուարին ֆրանսական ժամանակով ժամը 18։30-ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին դիմաց Արցախի համար ցոյց նախաձեռնուած է: Այս մասին «Twitter»-ի մէջ տեղեկացուց ֆրանսացի սենաթոր Վալերի Պուայէն:

Կարդացեք նաև

Back to top button