
Ատրպէյճան 2022թ. Դեկտեմբեր 12-էն մինչ այս պահը կը շարունակէ փակ պահել Արցախը աշխարհին կապող միակ մայրուղին՝ Լաչինի միջանցքը, բերելով կեղծ բնապահպանական պատճառաբանութիւններ։ Ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները ընկերային ցանցերը օգտագործելով կը փորձեն տեղեկութիւններ հաւաքագրել Արցախի շրջափակման հետեւանքներու վերաբերեալ, յայտարարեց Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը: Յունուար 10-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի պատասխանէ լրատուամիջոցներու հարցումներուն: Յունուար 9-ին աշակերտները ձմեռնային արձակուրդէն ետք դպրոց յաճախեցին։ Իսկ առաջին եւ երկրորդ դասարանցիներու արձակուրդը պիտի շարունակուի մինչեւ Յունուար 22 ներառեալ:




