
Լաչինի միջանցքի խցանման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սննդամթերքի պակաս սկսած է, այսօր Հայաստանի կառավարութեան նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը եւս իր գործառոյթները չի կատարեր՝ ըստ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ կը համարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղ, Լաչինի միջանցք ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկուի:
«Մեր միասնական ջանքերը այս ուղղութեամբ պէտք է աւելի մեծցնենք: Պէտք է աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղ, Լաչինի միջանցք ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի, կամ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու ուղղութեամբ»,-ըսաւ վարչապետը:
Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանը որոշեց պարտաւորեցնել Ատրպէյճանը բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները ձեռնարկելու ՝ Լաչինի միջանցքով Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցողներուն տեղաշարժը ապահովելու:
Դատարանի որոշումը նաեւ կը պարտաւորեցնէ ճանապարհին անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերուն անվտանգ տեղաշարժը, յայտնեց միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչը:




