
Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղին երկկողմանի փակ է. քաղաքացիներու մէկ մասը գիշերը անցուցած է Գորիսի մէջ, միւս մասը՝ Լիսագորի։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորությամբ տեղի ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ: Քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, մասնաւորապէս, Լաչինի միջանցքին ստեղծուած իրավիճակը:
Արցախի Ազգային ժողովը դիմած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, Ռուսաստանի խաղաղապահներուն եւ միջազգային կառոյցներին՝ կանխարգիլելու Ատրպէյճանի կողմէն ծրագրաւորուող ցեղասպանութիւնը։
Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս լրագրողներուն հետ ասուլիսին՝ պատասխանած է նաեւ այդ հարցումին, թէ արդեօք Ոիաշինկթըն կը հետեւի՞ Լաչինի միջանքի շուրջ ստեղծուած կացութեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի՝ այս հարցի շուրջ ունեցած վերջին զրոյցներուն հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ:




