Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 12. 2022

Այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին խումբ մը ատրպէյճանցիներ Քաղաքացիական հագուստներով, կրկին բնապահպանական պատճառաբանութեամբ փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին. «Միջադէպի վերաբերեալ պատշաճ տեղեկացուած է Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը:
Լաչինի միջանցքը ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջանցք է.

«Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 4-րդ համաշխարհային վեհաժողովին ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, «Այսօր կը տեսնենք հետեւողական գործողութիւններ, որոնք աւելի ու աւելի առարկայական կը դարձնեն մտավախութիւնները, որ Ատրպէյճան Լեռնաին Ղարաբաղի մէջ ցեղասպանութիւն կը նախապատրաստէ »,- ըսաւ վարչապետ Փաշինեան։

Դեկտեմբեր 12-ի, կէսգիշերին, տեղական ժամանակով ժամը 00:14-ին երկրաշարժ պատահեցաւ ՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին , Երեւան քաղաքէն 20 քմ․ դէպի հարաւ: Ստորգետնեայ ցնցման ուժը կազմած է 2-3 բալ: Երկրաշարժը զգացուեցաւ Երեւանի մէջ՝ 2 բալ ուժով։

Կարդացեք նաև

Back to top button