Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 23. 2022

Երեւանի մէջ 23 նոյեմբերին սկսաւ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան Արտաքին գործոց նախարարներու, Պաշտպանութեան նախարարներու եւ Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներուն համատեղ նիստը։ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ տեղի կ՛ունենայ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտեն, որ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 22 Նոյեմբերի գիշերը , տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակած են հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի:

23 Նոյեմբեր ժամը 10:00-ի դրութեամբ, իրադրութիւնը սահմանին յարաբերական կայուն է: Կը յայտնեն Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Կարդացեք նաև

Back to top button