ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 22. 2022

Երէկ ՝ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակած են հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: 22 Նոյեմբեր ժամը 09:00-ի դրութեամբ, իրադրութիւնը առաջնագիծին յարաբերական կայուն է:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Լիբանանի վարչապետ Նաճիպ Միքաթիին Անկախութեան տօնին առիթով: «Հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները բնորոշուած են մեր ժողովուրդներու բարեկամական պատմական կապերով: Հայաստան կանգնած է Լիբանանի կողքին»։

23 Նոյեմբերին Հայաստանի մէջ նախատեսուած է Հաւաքական անվտանգութիւն պայմանագիր կազմակերպութեան նիստը, պիտի մասնակցին կառոյցին անդամակցող վեց պետութիւններու ղեկավարներ։ Երեւան պիտի ժամանէ Ռուսաստանի դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին։

Կարդացեք նաև

Back to top button