
Առողջութեան խնդիրներ ձեռք բերած զինծառայողները, 500 հազար դրամ միանուագ աջակցութիւն պիտի ստանան կառավարութեան կողմէ , կը յայտնեն Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն, աջակցութիւնը պիտի տրուի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով վիրաւորուած անձերուն։ Ծրագիրին դիմելու կարելիութիւնը մինչեւ 2022 թուականի 15 Դեկտեմբեր։
Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան պատասխանելով Ալիեւի յայտարարութեան՝ ողջունեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Արցախի հետ ուղիղ երկխօսութիւն սկսելու ձգտումը: Արցախը այս գործընթացին պէտք է սուբյեկտ (ենթակայ) ըլլայ: Կ՛ողջունեմ նաեւ միջազգային միջնորդութեամբ ուղիղ բանակցութիւններու նոր ձեւաչափի ստեղծումը: Միջազգային միջնորդներու շարքին, ի թիւս Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի, անպայման պէտք է ընդգրկուած ըլլայ Ֆրանսան, որուն Ծերակոյտին ՝ օրեր առաջ ընդունած բանաձեւին մէջ կէտ կար Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման մասին:
Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան այսօր հանդիպած է Airports Council International-ի Եւրոպական բաժինի գլխաւոր տնօրէն Օլիվիէ Եանկովեչի եւ «Հայաստանի միջազգային օդակայաններու» տնօրէն՝ Մարսելօ Վենտայի հետ, քննարկելու Հայաստանի օդակայաններու զարգացման հեռանկարներն ու մօտալուտ խոշոր ներդրումային ծրագիրները այդ ոլորտին մէջ։





